Maral Art
Maral Art

Maral Art

Vendor Biography

Հայկական աւանդոյթի եւ մշակութային արժէքներու հանդէպ  սէրն ու հետաքրքրութիւնը ժառանգութեամբ մեզի փոխանցուած է մեր մեծ մայրերէն եւ մատղաշ տարիքէն սկսած եմ իւրացնել հայկական եւ այլ ասեղնագործութիւններու տեսակները ։Սուրիական պատերազմի պատճառաւ Հայաստան հաստատուելով մինչ այդ զբաղումի եւ իմ տան հարդարանքին համար կատարած աշխատանքս վերածուեցաւ եկամտաբեր գործունէութեան։Ստանալով ժողովրդական վարպետի կոչում ՝ոգեւորութեամբ կը շարունակեմ իմ առաքելութիւնը «Պահպանել  աւանդոյթը եւ զայն տարածել նորարարական մոտեցումով»։  թաղիքագործութեան եւ ասեղնագործութեան համադրութեամբ կը պատրաստեմ պայուսակ,հագուստ,գլխարկ,կօշիկ, զարդեր, տօնածառի խաղալիքներ,Զատկուայ հաւկիթներ,սփռոցներ եւ վերջապէս արծաթէ զարդեր։ Միջազգային փառատօներու մասնակցութեամբ հայկական ձեռարուեստի գանձերը ներկայացուցած ենք տարբեր ազգերու մոտ ։

Վարելով դասընթացքներ արդի սերունդին կը փոխանցեմ հայկական մշակոյթի գանձերը։

Գործերս կը ցուցադրեմ Maral Artֆէյսպուքեան էջիս մէջ եւ ինստակրամի , YouTube ի վրայ ունիմ ուսուցողական տեսանիւթեր։

Մարալ Շէօհմէլեան

Donation

$
X